18.12.2011

Սագօ Արեան «ԴԱՐՁ Ի ՇՐՋԱՆՍ ԻՒՐ ....»


Ընկերոջս՝ Տիգրան Պասկեւիչեանին

 
Մուսան ահա աչքով կընէ ..
Ծարաւ եմ կ'ըսէ,
Բախուկ,
Ռանչպար ընկերս,
Սրտիս մէջ վախուկ
Բախուկ վախուկ իմ մուսա
Հրամմէ,
Մտիր սթարպաքսի բարձր դրան շէմէն ներս ...

  ....
Ո՞ւրկէ  մտնեմ երակներուդ մէջ
Եկուորի պէս կը գրկես զիս,
Կ'երթամ ծովափ Տիգրանին հետ
Հին նաւը փնտռելու
Երբ ես խօսիմ
Քու հեռացումէդ կը պատմեմ,
Մէջիս ձայնը  որ անհանգիստ է,
Դուն ես, քու ձայնդ է.
Ես ուրիշ քաղաք չեղայ
Ու դուն քու կաւիճէդ ու ցեխէդ քսեցիր երեսիս իմ քաղաք,
Քու լէշէդ, քու թոյնէդ յառնող ալպէրովիչը նոյնիսկ
Լքեց քեզ .
Քեզ ճակատագրիդ բաժակին լքեց ....
Հարիւր կապարէ սեւ երեսներ,
Կը չափեն առանձնութիւնդ,
Շուկաներդ սուտ եմ ամայի,
Ծակեալ  թմբուկի ձայն,
Բանաստեղծի հաջոց կը լսեն...
Հոն մեռած- մեռնող բանաստեղծին տան դիմաց
Հա դէժացիր պօէմս,
Կատղիր
Թող կարմրի գիրը,
Քեզմէ առաջ
Բնակեցաւ գիրը իմ
Սերմի նախասենեակներուս մէջ
Ամորձիգներուս տակ տեղ մը, 
Ես ինչքան ատեցի քեզ քաղաքս
 Դուն սորվեցուցիր
 Ատելութեան սերմերը ցանել հոգիներուն մէջ,
Եւ աչքերուս երբ առաւօտեան ծաղրը կը հոսի ինձմէ ...
Քո դատարկութիւնդ  է որ կը հոսի:

 Դէպի ծով    տարիր մեզ,
Տիգրանն ու ես,
Լսելու՝   հեռացող նաւերուդ աղմուկը
Քանի -քանի գաղթող հոգիներ քեզմէ
Անյետ հեռացան:  
Իբրեւ երկիր  երթալու տենդով բռնուած:
Իբրեւ փշրանք,
Սուրի եւ թոյնի...
Ու դուն նստած հոն անկիւնը,
Մինարէներուն տակ
Փնտռեցիր թագուհիս  մեծ մօրս  երգերն ու  աղօթքները բոսուռայ,
Մեծ մամաս թրքերէն կ'աղօթէր,
Հետս նոր   ճամբորդեց  Իսթանպուլ,
Քում- Քաբու նստանք ինչ էր եա,
Ձուկ բերին,
Ապակիին զարկի,
-Հոս եկուր ըսի մարդուն,
Հոս եկէք բոլոր- բոլորին ....
Նոյնիսկ Տիգրանին հետ,
Մարաշ փողոցի  վերջին մոհիկաններուն հետ,
Իբրեւ կը պատմեմ բանաստեղծութեան վերջին լարին մասին,
Բռնած եմ այդ երանգը ես ...
Ամուր բայց առանձինն,  
Վարպետս նստեր է իր ամրոցին մէջ,
Վայ թէ  գտնես,
Վարպետին կապոյտ շալը Նկարեցի ....
Քաղաք վազ անգցիր աս խաղերէն
Քու լէշէդ, քու արիւնէդ
Քու որմերուդ մէջ խոնաւ դարձած արբունքի  երգերէդ,
Վազ անցիր,
Քու մեռած ու կենդանի սէրէրէդ....
Քաղաք՝  սրիկա քաղաք,
Նոյնիսկ բոզերուդ լեզուն փոխեցիր
Դէմքս դարձաւ  ճերմակ ապակի,
Դէմքս անդէմ անցորդներուդ պէս սառեցաւ
Ատելութեան վառ ստուերներ,
Ատելութեան  օսկի մանող կարմիր թելեր,
Քաղաք՝ սրիկա  քաղաք,
Մեծ նաւուն վրայ փսխող անկիրթ քաղաք,
Սանկ նեղ հագած քաղաք
Մեռնողներուն անունով խօսիլ կ'ուզես.
Ծօ բառդ ես եմ,
Նայիր երեսիս
Մօրուքդ երկար է կ'ըսես.
Սիրտ չունիմ
Նոյնիսկ բանաստեղծներդ,
 Որոնց որովայնին մէջ կարմիր ռեհհան աճեցուցեր ես,
Նոյնիսկ անոնք սուտլիկ են,
Մեռայ մեռայ ըսելէն՝ հոս եկուր,
Երթանք ձուկի պատմութիւնը պատմեմ,
Ինչ թուրք, ինչ  ալեւի կամ քիւրտ,
Բոլորս նոյն արգանդէն դէպի հողը կը վազենք,,,,
Մեր երակներուն  թոյնը մաքրէ  ալ,
Դէպի հողը կը վազենք....
Ես միարէին տակ կեցեր եմ անձրեւներուդ երգը լսելու,
Հողիդ բոյրը  ներս քաշելու,
Ու շուար եմ Հոս Պէյրութ է ինչ է կ'ըսեմ ես ինծի,
Ուրիշ բառեր կը սպրդին
Նոր է խօսածս լեզուն,
Ու մեծ նաւու դրոշմաթուղթերը,
 Որ մէջս պտուտակի պէս կը գործեն տես քաղաք,
Տես,
 Բերի բարձիս տակ պահելու .
 Ելից գիրքէն բաժիններ  կարդացի,
Կարդացի նաեւ որ յախճապակի աչքերդ արցունքով  են լեցուած,
Բայց   չես լար,
Կերածս խնձոր մ'է
Անտարբեր ծանր կապարէ դէմքերու մօտ՝ խնձոր ...
Չայ ալ չիկայ,
Մէկը չկայ պատռեմ,
Այս վէրքը եւ դուրս հանեմ,
Բոլոր թարախները....
Թարախոտ քաղաք
Թարախ քաղաք....
......
Մոռցեր եմ երէկուան բառերը որ բռեցի սեղանին
Երթալ կուզեմ,
Քեզմէ ճամբորդել կ'ուզեմ
Մեծ նաւուն մէջ...
Սոչի, պաթում,  Թիֆլիս
Սանկ հեռու տեղ մը,
Տունս լինի  վերնայարկ.
Զանգ չունենամ
Ատ օտար քաղաքի լեզուով խօսիմ,
Խօսիմ տարբեր լեզուներով
Կակազեմ թերեւս,
Թերեւս մոռնամ  կ.ճանճիկեանին գրած,
 Հէյրան երգերը հացի մասին....
Մոռնամ որ գացի Պալըքլը անձրեւ էր,
Գէշ
Խմած ջուրս սառն արցունքն էր ..
Քաղաք ...
Բանաստեղծը որ քեզմէ անցաւ մէջդ մոմեր ուզեց վառել
Իսկ դուն ներգաղթ ես արտագաղթ ես,ինչ ես չիտեմ,
Չիտեմ հագածդ բեհեզին  րանկը քաղաք,
Չիտեմ արտեւանունքներուդ  հասակը,
Ու չիտեմ ցաւդ որ գիրքի պէս գաղտնի  է ու գոց....
Մռայլ ես,
 Արեւուն տակ կը փայլիս....
Բայց ես քեզմէ զզուեր եմ
Բայց ես քեզմէ յոգներ եմ
.....
Ո՞ւր գնաց կ'ըսեն
Ո՞ւր գնաց ոգիդ,
Որ մեր պատշգամին տակ,
 Ոստրէ ծախող մարդուն սեւ ժպիտին կը նմանէր,
Աւազին պէս սեւ ու խոնաւ,
Ու մի մոռնար որ բոլորս,
Քիւրտ ալեւի կամ թրուպատուր,
Բոլորս դէպի հողը կը վազենք ....
Թողալու պէս....
Ինչպէս դողս բռնեց Շիշլի Սեւակ Պալըքլիին շիրիմին առջեւ ..
Քաղաք,
Տարմատաղան քաղաք
Տարտս դուն ես,
Դարձիր երեսդ համբուրեմ,
Դարձիր ծնօտդ շոյեմ,
Դարձիր,
Դարձիր,
Ամայութիւնէն անդին
Հեռացումէն,
Ու մեծ- մեծ հեռացող նաւերէն ասդին դարձիր ....

....
Մինակ դարձիր
Վէրքս մեծ է,
Դուն այդ վէրքին լայըխ չես,
Բառս ու երգերս որ քու երակներէն կը հոսին
Դարձիր որ ասորի եւ ռուս ուղղափառները երեսիդ չթքնեն,
Կուզես պաղպաղակ կեր,
 Կուզես գնայ հոսկէ,
Ի՜նչ փոյթ
Այս ամէնը երբ,
Երգել,
Խինդով գինիով
Երգել գիտեմ
....
Տարմատաղան քաղաք,
Կէս գիշերը անցեր է,
Աչքերուդ ծարիրը
Վախազդու է հիմա...
Ելիր, Ելիր երեսդ լուայ.
Անհոգ քաղաք.
Ես արդէն ուղղութիւնդ չիտեմ .
Ո՞ւր երթամ ես աս ժամուն.
Ամէնէն շատ
Մեծ նաւեր կը տեսնեմ դիմացս.
Ե՛լ...
Հիւրանոց քաղաք.
Պատառ մը հող չի դարձար ինծի,
Ինչ կիսադէմքով աչքդ կը կիտես.
Սիրտ չունիմ
Հետդ խօսելու
Ե՛լ    երեսդ լուայ
Ու քնիր,
Ե՛լ  քնացիր:
Անկիրթ քաղաքս.
Անօթի, անկուշտ քաղաքս
Ե՛լ ...


                                                                                                              

Комментариев нет:

Отправить комментарий